ԵՐԵՒԱՆ, «ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ» Այսօր՝ 5 Օգոստոսին, պարէտատան նիստէն ետք, Հայաստանի պարէտ եւ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան յայտարարեց, որ 12 Օգոստոսին լրացող արտակարգ դրութիւնը պիտի երկարաձգուի եւս մէկ ամիսով: Աւինեան յայտնեց, որ հակառակ ռրկարաձգումին, կարգ մը արգելքներ հաւանական է որ մեղմացուին: «Մասնաւորապէս վերանայուելու է օտարերկրեայ քաղաքացիների մուտքի հարցը, ապրանքների արտահանման սահմանափակումները, հանրահաւաքներ անցկացնելու, հանրային միջոցառումների անցկացման հարցը», ըսաւ Աւինեան: