ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի հետ:
«Զօրակցութիւն եւ ցաւակցութիւն յայտնելով երէկուան պայթումին եւ զոհերուն համար` Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութիւնը առաջարկեցի Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին: Լիբանանի կառավարութիւնը այժմ կարիքները կը գնահատէ, որուն արդիւնքին հիման վրայ Հայաստանի կառավարութիւնը ըստ անհրաժեշտութեան որոշումներ պիտի տայ», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է վարչապետը:
Վարչապետին աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ զրոյցին ընթացքին Աուն շնորհակալութիւն յայտնած է սփոփանքի խօսքերուն համար եւ իր երախտագիտութիւնը փոխանցած Լիբանանի կարիքներուն հիման վրայ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար: Ան տեղեկացուցած է, որ երկրի իշխանութիւնները կը գործադրեն ամէն ջանք՝ ստեղծուած հարցերը կարելի եղածին չափ արագօրէն յաղթահարելու համար: