ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Ֆրանսային Հայկական կազմակերպութիւններու համախմբումի՝ CCAF-ի համանախագահները՝ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի մտահոգիչ վերջին զարգացումներուն մասին արտաքին գործոց նախարարութեան Հայաստանի հարցերու պատասխանատու Մարկօ Պերժոն-Տարսի հետ ունեցան զրոյց մը, որուն մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ CCAF-ի համանախագահները ֆրանսահայ համայնքին մտահոգութիւնները փոխանցեցին՝ 12 Յուլիսին սկսած Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանին վրայ ատրպէյճանական ռազմական յարձակումին պատճառովով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ:
«Համանախագահները պնդեցին, որ այս հարցին շուրջ Պաքուի ստայօդ յայտարարութիւններուն դիմաց անհրաժեշտ է ստեղծել հրադադարի պահպանումը ապահովող գործիքակազմեր: Անոնք յատկապէս ընդգծեցին, որ Ալիեւի վարչակարգը դէմ է նման միջոցներու, մինչ ռազմական առումով՝ այդ միջոցները կրնան երաշխաւորել տարածաշրջանին կայունութիւնը: Արծարծուեցաւ նաեւ Անգարայի՝ Պաքուին ցուցաբերած բացայայտ աջակցութեան եւ անոր սպառնալից հետեւանքներուն հարցը: Եւ վերջապէս, համանախագահները յիշեցուցին ծագումով հայ Ֆրանսացիներու՝ 1915ի Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժառանգորդներուն համար Հայաստանի ապահովութեան եւ Արցախի դատին անսահման կարեւորութիւնը», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։