ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան ոչ -պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Երեւան, ուր հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ լարուածութեան: Քննարկուեցան նախորդ հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները` կարծիքներ փոխանակելով հայկական երկու հանրապետութիւններու խորհրդարաններուն փոխգործակցութեան խորացման հարցերուն վերաբերեալ:
«Համոզուած եմ, որ համավարակի յաղթահարումից յետոյ այդ աշխատանքներին նոր թափ կը հաղորդուի», յայտնեց Թովմասեան: