ՎԱՏԻԿԱՆ.- Ֆրանսիս պապը կոչ ուղղեց` երկխօսութեան միջոցով հասնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերու խաղաղ լուծման, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Մտահոգութեամբ կը հետեւիմ վերջին օրերուն Կովկասի շրջանին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինեալ լարուածութեան սրման», յայտարարած է պապը իր կիրակնօրեայ քարոզին ընթացքին՝ դիմելով Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալներուն: