ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Ռոյթըրզ»․- Եւրոպական խորհրդարանը խիստ կերպով քննադատեց Միջերկրական ծովուն արեւելեան հատուածի մէջ` Կիպրոսի ափերուն, Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող ապօրինի պեղումները:
Նիստի մը ընթացքին մեղադրանքներ հնչեցին նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի հասցէին` Թուրքիոյ նկատմամբ չափէն աւելի մեղմ քաղաքականութիւն վարելուն համար:
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց ոտնահարումներուն նկատմամբ՝ ընդգծելով, որ Թուրքիոյ մէջ իրաւապաշտպաններու հալածանքը կու գայ հաստատելու հիմնական ազատութիւններու նահանջը եւ շեշտելով, որ տարրական իրաւունքներու ու օրէնքի յարգումը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն հիմնաքարերն են:
Յիշեցնենք, որ թրքական դատարանը բանտարկութեան դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ «Միջազգային ներում» կազմակերպութեան նախկին պաշտօնատարներ: