ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 8 Յուլիսին որոշում տուաւ՝ մերժելու Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի 3 նախկին դատաւորներուն եւ Սահմանադրական դատարանի նախկին նախագահ Հրայր Թովմասեանի Հայաստանի դէմ դիմումը, որմով անոնք, այլ հարցերու կողքին, պահանջած էին իբրեւ միջանկեալ միջոց կասեցնել Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու իրագործումը:
Դատարանը որոշեց մերժել հայցը՝ այն պատճառաբանութեամբ, որ անիկա դատարանի կանոնակարգի 39րդ դրոյթի կիրարկման դաշտին մէջ չէ, ոռովհետեւ անիկա չ՛ենթադրեր լուրջ եւ անուղղելի վնասներու վտանգ` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտին համաձայն։