ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ընկերային փոխյարաբերութիւններու մէջ դժուարութիւնները այնքան շատ են, որ կարելի չէ՛ նոյնիսկ զանոնք յատուկ խմբաւորումի ենթարկել: Ամէն վայրկեան կարելի հանդիպիլ անոնցմէ տասնեակի մը, որ իր տեսականիով գլխու պտոյտ կու տայ մարդուն: Սակայն եթէ ուզենք անպայման խմբաւորել դժուարութիւններու գոյառման վայրերը, անոնք տեղի կ՛ունենան գործատեղիի, տան եւ ընկերային կեանքի մէջ: Գործի ասպարէզին մէջ, երբ իւրաքանչիւր մարդու մասնագիտութեան յատուկ գործը տրուած է արդէն, դարձեալ չեն պակսիր դուրսէն քննադատողներ, որոնք նոյնիսկ եր-բեմն տուեալ արհեստէն չեն հասկնար: Ընդհանրապէս անծայրածիր է շարքը քննա-դատողներուն, որոնցմէ ամէնէն տգէտները անոնք են, որոնք իրենց չվերաբերող գործերու միջամուխ կ՛ըլլան: Ասոնք չեն ալ զգար, որ իրենց տգիտութիւնը կը բացա-յայտուի այս ձեւով եւ կը պախարակուին իմացողներուն կողմէ:
Քննադատողին ինքնատեսութիւնը կը կազմէ իր միակ «արժանիք»ը, որովհետեւ ինք միայն ա՛յդ կը տեսնէ: Իր աչքին գերանը չտեսնող եւ ուրիշին աչքին շիւղը հանելու պատրաստ մարդոց մասին երբ կը խօսի Յիսուս, ուրեմն կը նշանակէ, թէ ինք կը մերժէ անիմաստ քննադատութիւնը: Ի դէպ, այս բառը՝ քննադատութիւն, դրական եւ առողջ իմաստ ունի, որուն հոմանիշը «գնահատական» բառն է: Այսինքն՝ արժեւորել մեր տեսածը, անոր մէջ մանաւանդ նկատելով դրական կողմերը: Սակայն, առօրեայ գործածութեամբ քննադատութիւն բառը, միշտ իր ժխտական թեքումով կը գոր-ծածուի: Այսինքն՝ թերութիւնները յայտնաբերելու մասնաւոր ճիգ իբրեւ կ՛իմացուի, որոշ խառնուածքով մարդոց կողմէ գործադրուած, որոնք ուրիշին յաջողութիւնները չեն կրնար ընդունիլ, եւ իրենց ճշմարտացիութիւնը կը գովեն:
Ամէն ինչը ծուռ տեսնելու ողբերգական իրավիճակն է վերոյիշեալ պարագան որոշ մարդոց մօտ, որոնք դժբախտաբար չեն գիտեր թէ իրենք ալ սխալական էակներ են: Անսխալականութեան զգացումի ծնունդն է այս իրավիճակը, երբ մարդ ամէնուն կատարած գործը սխալ կը տեսնէ, թէկուզ ինք բնաւ փորձ իսկ կատարած չըլլայ նոյն գործը իրականացնելու: Քննադատելու այս սխալ ըմբռնումը յատուկ է տգէտ մարդոց, որոնց աշխարհայեացքը նեղ է, գիտութիւնը՝ ոչնչութիւն, իսկ աչքը՝ կոյր: Անոնց ակնոցով, ամէն մարդ սխալ է, ամէնուն շինածը ծուռ է եւ ուրիշին գործը՝ միշտ անյաջող: Անոնք չեն լսած կ՛երեւի այն առածը, որ կ՛ըսէ. «Օր մը մազոտին կը հանդիպիս», այսինքն՝ դիմացդ կ՛ելլէ վայրենին, որ ո՛չ միայն քննադատութիւնդ չընդունիր, այլեւ չդիմանալով ամբարտաւանութեանդ, հարուածո՛վ կը պատասխանէ քեզի:
Ընտանեկան կեանքի մէջ ի յայտ եկող քննադատութիւնները եթէ բնականոն պայմաններու մէջ են, այսինք ծնողք-զաւակ, զաւակ-ծնող, կամ սիրող զոյգերու միջեւ կատարուող քննադատութիւններ են, շատ աւելի հարազատ մթնոլորտի մէջ տեղի կ՛ունենան, միշտ կատարելութեան ձգտելու եւ զիրար ամբողջական տեսնելու հեռանկարով: Դարձեալ կը կրկնենք, եթէ սիրոյ առկայութեան տեղի կ՛ունենան այս քննադատութիւնները եւ ո՛չ թէ հակամարտութեան պայմաններու մէջ, ուրեմն թշնամանական դիտում չկայ այնտեղ, այլ՝ քննադատութիւնը սէրէ մղուած է, եւ հարազատին բարիքին կը ծառայէ:
Քննադատութեան ամէնէն բաց դաշտը հաւաքական կեանքն է, իր լայն շրջագիծով: Ճիշդ է, որ այստեղ սահմաններ կան եւ ամէն մարդ ազատ չէ՛ ուրիշի կեանքին միջամուխ ըլլալու, սակայն ամէն մարդ այս գիտակցութիւնը չունի:
Բարոյալից պատմուածքներու յարատեւ ազդեցութիւնը մարդկութեան կեանքին վրայ, շատ յաճախ շինիչ արդիւնաւորութիւն կ՛ունենայ, շատերուն դարձը ապա-հովելով եւ սեփական կեանքն ու վարմունքը վերատեսութեան ենթարկելու պատճառ հանդիսանալով:
Որմնադիր մարդ մը աշխատանքի պահուն, պատահական անցորդներու կողմէ բազմաթիւ քննադատութիւններ կը լսէ, որոնք պատճառ կը դառնան հետագային այս պատմուածքի գրառման:
Մարդը վաճառատան արտաքին կամարին լեռնային անտաշ քարեր կը տեղադրէր:
Ճարտարապետին կողմէ ցուցմունք ստացած որմնադիրը իր աշխատանքը կը կատարէր, սակայն անցորդներէն իւրաքանչիւրը, շարուած քարերէն մէկուն կամ միւսին մասին դիտողութիւն կ՛ընէր՝ քիչ մը ներս կամ քիչ մը դուրս եղած ըլլալը քննադատելով եւ սպասելով որ շինարարը իր սխալը ուղղէ: Մարդը համեստու-թեամբ կ՛ընդունէր քննադատութիւնները եւ դիտողութիւնները, ու լսելով զանոնք, իր կարելիութեան սահմանին մէջ կ՛ուղղէր անոնց դիրքը, ամրացուած տեղէն դուրս բե-րելով քարերը: Օրուան վերջաւորութեան սակայն, կը տեսնէ որ թէ՛ իր վարպետութ-եան վայել գործ չէր կրցած իրականացնել, եւ թէ՛ միայն մէկ կամար կրցած էր ամբող-ջացնել աշխատանքային լրիւ ժամուան ընթացքին:
Տուն վերադառնալուն, կինը զինք շատ մտազբաղ կը գտնէ: Պատճառը իմանալէ ետք կը թելադրէ անհոգ մնալ: Գիշերը տան ներքնայարկին մէջ գտնուող աւելորդ մուրճերէն մէկուն փայտը կ՛առնէ, անոր գլխուն վրայ մուրճի բամպակէ գլուխ մը կը հիւսէ եւ զայն կը զետեղէ ամուսնոյն գործիքներուն մէջ: Առաւօտուն, երբ ամուսինը աշխատանքի համար ճամբու կը դնէ, անոր գործիքներու պայուսային մէջ ցոյց կու տայ բամպակէ գլուխով մուրճը եւ կ՛ըսէ. «Ով որ քեզի դիտողութիւն ընէ այս կամ այն քարին ծուռ ըլլալուն համար, եւ մանաւանդ թելադրէ որ ուղղես զայն, մէջքի գօտիիդ ամրացուցած այս մուրճը կ՛առնես ձեռքդ եւ «ծուռ» քարին կը զարնես, յետոյ մուրճը ետ տեղը կը դնես:
Շինարարութեան վայրը հասնելով, աշխատասէր եւ պարտաճանաչ որմնադիրը կը բարձրանայ լաստակառոյցին վրայ, իր գործին սկսելու համար: Անցորդներով խճողուած փողոցը, ուր կը գտնուէր նորակառոյց վաճառատունը, բազմաթիւ «ճար-տարապետներ» կ՛ընդունի այդ օր…: Ամէն մէկը իր չգիտցած գործին մասին կարծիք կը յայտնէ, սակայն մեր վարպետը ամէն անգամ կնոջ թելադրանքը յիշելով, բամպակէ մուրճը դուրս կը քաշէ գօտիէն եւ դիտողութիւն ստացած քարին գլխուն հարուա-ծելով, կը բաւարարէ իր քննադատները…: Կը պատահի նաեւ, որ իսկական ճարտա-րապետն ալ դիտողութիւն մը կ՛ընէ, զոր բաւարարելու համար դարձեալ նոյն միջոցին կը դիմէ մեր վարպետը, եւ… «հիմա եղաւ» գնահատականը կը ստանայ անկէ…:
Կեանքի ճանապարհը այնքան ոլորապտոյտ դարձուածքներ ունի, որ գրեթէ իւ-րաքանչիւր դարձուածքին, կրնանք հանդիպիլ մէկու մը, որ մեր ըրածը ո՛չ միայն չհաւնի, այլեւ քննադատէ:
Ուրեմն ի՞նչ ընել:
Քննադատողներու, բամբասողներու, զրպարտողներու, ատողներու կամ մեզ մերժողներու երկար շարքերը բնա՛ւ մեզի պէտք չէ յուսահատեցնեն, ո՛չ ալ մեր նպա-տակէն հրաժարելու պատճառ հանդիսանան: Որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր նկարագրային գիծերուն համապատասխան գործունէութիւն կը ծաւալէ: Ուրեմն, պիտի իմանաս, որ քննադատողը պիտի քննադատէ, բամբասողը պիտի բամբասէ, ատողը պիտի ատէ, բայց դուն քու ճամբադ պիտի շարունակես, մինչեւ որ հասնիս նպատակիդ, միշտ օգտագործելով բամպակէ մուրճդ: