ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի․Պի․Սի․»․- Միացեալ Նահանգներու Աշխատանքի վիճակագրութեան գրասնենակը 5 Յունիսին հաղորդեց, որ Մայիս ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը իջած է 13․3 տոկոսի, տնտեսութիւնը վերաբանալու ջանքրուն շնորհիւ։ Ապրիլին այդ համեմատութիւնը 14․7 տոկոսի բարձրացած էր, իսկ Մարտին անգործութեան համեմատութիւնը 4․4 առ հարիւր էր։
Նաեւ հաղորդուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրին ստեղծած տնտեսական տագնապին պատճառով, Միացեալ Նահանգներու անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու համար 1․9 միլիոն ամերիկացիներ նոր դիմումներ կատարած են, ինչ որ նախորդած շաբաթներուն թիւերէն նուազ է։