ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Յուլիսի առաջին տասնօրեակին, Հայաստանի մէջ պիտի բացուի «Քալաշնիքով» հրացաններ արտադրող գործարանը:
Այս մասին InfoPort.am կայքին յայտնեց ձեռնարկութեան ղեկավար կազմի ներկայացուցիչ Իկոր Կարտիենքօ:
Գործարանը հիմնուած է «Նէյթրոն Կամ» եւ ռուսական «Քալաշնիքով» ընկերութիւններուն համագործակցութեան համաձայնագիրին հիման վրայ:
Սկզբնական շրջանին ռազմարդիւնաբերական գործարանին մէջ պիտի կատարուի AK103 տեսակի հրացաններու հաւաքումը։ Հրացանին մասերը պիտի բերուին Ռուսիայէն եւ ձեռնարկութեան գործարաններուն մէջ պիտի հաւաքուին զերոյէն: