ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոսը թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական նամակով, առաջնորդ սրբազաններուն ու Ազգային իշխանութիւններուն թելադրեց, որ յառաջիկայ Կիրակի, 7 Յունիսէն սկսեալ, եկեղեցիները պատրաստ պէտք է ըլլան ընդունելու մեր հաւատացեալները՝ մասնակցելու Ս. պատարագին եւ ընդհանրապէս եկեղեցական արարողութիւններուն:
Արդարեւ, համաճարակին ստեղծած պայմաններուն պատճառով եւ մեր ժողովուրդի զաւակները համաճարակի վտանգէն հեռու պահելու նախանձախնդրութենէն մեկնելով, անցնող շուրջ երեք ամիսներու ընթացքին եկեղեցական արարողութիւնները առցանց կերպով կատարուած էին: Այս օրերուն, նկատի ունենալով զանազան երկիրներու մէջ պետական կառոյցներուն կողմէ կատարուած թելադրութիւններուն, յարմար կը նկատենք, որ մեր եկեղեցիները սկսին ընդունիլ մեր ժողովուրդի զաւակները: Թեմերուն ուղղուած վերոյիշեալ շրջաբերականին մէջ կաթոսիկոսը թելադրեց հետեւեալները.
- Մեր ծխային եկեղեցիները հաւատացեալները ընդունին՝ միշտ նկատի ունենալով տեղական պայմանները եւ եկեղեցիներու ֆիզիքական կարելիութիւնը:
- Հաւատացեալները պարտին միշտ դիմակ գործածել եկեղեցիէն ներս եւ պահել պահանջուած ֆիզիքական հեռաւորութիւնը:
- «Ողջոյն»ի ժամանակ պատարագիչը Ս. խորանին կամ ատեանի երիցագոյն հոգեւորականը ժողովուրդը կ՛օրհնէ «Ողջոյն»ը փոխանցելով. իսկ հաւատացեալները, իրենց կարգին, զիրար կ՛ողջունեն՝ միշտ նոյն հեռաւորութիւնը պահելով:
- Ս. Հաղորդութիւն պիտի տրուի մեր հաւատացեալներուն. սակայն, մինչեւ Ս. Հաղորդութիւն տալու եւ առնելու մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան վերահաստատումը, պատարագիչ հոգեւորականին կողմէ Ս. Հաղորդութիւնը պիտի դրուի հաւատացեալի ձեռքին վրայ, ինչպէս աւանդաբար կը կատարուի մաս բաշխելու պարագային:
- Անհրաժեշտ է, որ նախազգուշական բոլոր միջոցները յարգուին մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն կողմէ, ինչպէս եկեղեցիէն, նոյնպէս մեր ընտանիքներէն, մեր կառոյցներէն, մեր համայնքներէն ներս եւ ամէ՛ն տեղ:
Իր շրջաբերական նամակին մէջ վեհափառը կը յիշեցնէ, թէ «իւրաքանչիւր հայու ֆիզիքական ապահովութիւնն ու առողջութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին համար էական են: Հետեւաբար, դիմակ կրելով, ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահելով, ձեռք լուալով եւ մեծաթիւ հաւաքներէ խուսափելով առաջքը առած կ՛ըլլանք առողջական դժուարութիւններու թէ՛ մեր անձին եւ թէ մեր ընտանիքին ու մեր նմաններուն նկատմամբ»:
Կը թելադրուի նաեւ, որ այս գծով կաթողիկոսարանի CILICIA TV-ին կողմէ պատրաստուած տեսանիւթի ցուցմունքներուն հետեւիք:
Դիւան Կաթողիկոսարանի