ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը ցաւ յայտնեց ոստիկանութեան բռնարարքներուն հերթական զոհը դարձած Ճորճ Ֆլոյտի վայրագ սպանութեան առիթով, զայն Միացեալ Նահանգներու մէջ ցեղային անարդարութեան փաստերէն մէկը նկատելով։
Շեշտելով, որ իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդի մը մէկ կազմակերպութիւնը, Հայ Դատը միշտ դատապարտած է ամէն տեսակի խտրականութիւն եւ բռնարարքներ ու յատկապէս խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Միացեալ Նահանգներու մէջ համակարգային դարձած անարդարութիւններուն, խտրականութիւններուն եւ բռնարարքներուն գծով, նոյն ժամանակ քննադատելով այն իրողութիւնը, որ երկրին տարածքին տեղի ունեցող խաղաղ ցոյցերը կը շահագործուին որոշ շրջանականերու կողմէ։
Նոյն ատեն, Հայ Դատի յանձնախումբը կը դատապարտէ ցոյցերուն ընթացքին ապահովական մարմիններուն կողմէ գործադրուող վայրագ հակադարձութիւնը եւ յատկապէս լրագրողները թիրախաւորելու քայլերը։
Հայ Դատը, իր զօրակցութիւնը յայտնելով խաղաղ ցոյցերու մասնակցողներուն՝ կոչ կ՛ընէ դադրեցնել անոնց զուգորդուող բռնարարքները, որպէսզի կարելի ըլլայ շեշտը դնել համակարգային բարեփոխումներուն վրայ։