ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Շաբաթ օր, «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ հրապարակուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը տեղեկացուի, թէ վերջին երկու օրերուն ընթացքին ելեկտրոնային նամակներու միջոցաւ, մահուան սպառնալիքներ ուղղուած են հիմնարկին հասցէին։
Հաղորդագրութեան մէջ կը յիշեցուի, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն առաջ ալ կը կատարուէին նման արարքներ։ Այդ սպառնալիքին մէջ կը պահանջուի հեռանալ երկրէն եւ հիմնարկը կը մեղադրուի «եղբայրութեան հեքիաթներ» պատմելու «յանցանք»ով։ Նոյն ժամանակ, մահուան սպառնալիքներ կ՛ուղղուին Հրանդ Տինքի այրիին՝ Ռաքել Տինքին եւ անոր փաստաբաններուն դէմ։
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը այս բոլորէն գրաւոր ձեւով տեղեակ պահած է Շիշլիի ոստիկանութիւնը եւ Պոլսոյ կուսակալութիւնը։
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ այս գծով Քոնիայի մէջ ձերբակալուած է 25ամեայ կասկածելի մը, որ կը մեղադրուի «դիտաւորեալ կերպով վնաս հասցնելու, սպառնալու եւ վիրաւորանք ուղղելու յանցանքով»: