ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ԵՌԱԳՈՅՆ ԴՐՕՇԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 31 Մայիսը Հոգեգալստեան տօնն է, որ յիշատակումն է Վերնատան մէջ առաքեալներուն Ս. Հոգիին շնորհքներուն եւ պարգեւներուն արժանացման։
Ուրախ ենք յայտնելու, որ շաբաթասկիզբին, պետական սպասարկութիւնները յայտարարեցին եկեղեցիներու եւ կրօնական հասատատութիւններու վերաբացումը, սակայն որոշ հարկադրանքներով։
Առ այդ, Կիրակի, 31 Մայիսին, Արեւմտեան թեմի եկեղեցիները պիտի վերաբանան իրենց դռները, մեր հաւատացեալներուն առիթը ընծայելով Ս. պատարագին անձնապէս մասնակցելու։ Նշենք, որ ըստ օրինական ցուցմունքներուն, ներկաներուն թիւը սահմանափակուած է եկեղեցւոյ տարողութեան 25 տոկոսի համեմատութեամբ կամ առաւելագոյնը 100 հոգիով։
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, նոյն օրը, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հանրապետական Մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն պիտի կատարուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 102րդ տարեդարձին առթիւ։ Ս. Պատարագին աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ այլ ճակատամարտներուն ինկած հերոսներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը՝ ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան, աղօթք բարձրացնելու մեր անկախ հայրենիքին ու ժողովուրդին ապահովութեան ու բարգաւաճման համար, ինչպէս նաեւ համայն հայ ժողովուրդի անվտանգութեան համար։
(Հաղորդագրութիւնը՝ առաջնորդարանէն)