ԼՈՆՏՈՆ, «Պի․Պի․Սի․»․- «Քորոնա» ժահրի համաճարակը զսպելու եւ նոյն ժամանակ կեանքը գոնէ մասնակիօրէն բնականոնի վերադարձնելու ջանքերը տարբեր ձեւերով կը շարունակուին աշխարհի տարածքին, տալով տարբեր արդիւնքներ։
Արդարեւ, մինչ 15 Մայիսին Սլովենիա դարձաւ եւրոպական առաջին պետութիւնը, որ յաղթանակ հռչակեց համաճարակը զսպելու պայքարին մէջ, եւ վարակումները յատկանշական նուազում արձանագրած Ճափոն զգալիօրէն մեղմացուց քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուած սահմանափակումները, վարակուածներուն թիւը շարունակեց արագօրէն աճիլ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու, Պրազիլի եւ Ռուսիոյ մէջ, ուր մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած են յաջորդաբար՝ 27,246 (ընդհանուր թիւը՝ 1,47 միլիոն), 13,944 (207,251) եւ 10,598 (262,843) նոր վարակումներ։
Նաեւ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթիերեշ աշխարհի կառավարութիւններուն կոչ ըրաւ՝ հոգեբանական օգնութիւն տրամադրելու «Քորոնա» ժահրէն ամէնէն շատ վտանգուած խումբերուն, ներառեալ՝ բժիշկներուն, երիտասարդներուն եւ տարեցներուն, իսկ Եւրոպական յանձնաժողովը կոչ ուղղեց՝ վերադառնալու Եւրոպայի մէջ ազատ տեղաշարժման դրութեան։
Աշխարհի տարածքին, «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 4.6 միլիոնի, իսկ մահացածներունը՝ 305,000ի: Բուժուած են առաւել քան 1․7 միլիոն վարակուածներ։
Մահացածներու թիւով առաջին դիրքը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգները (87,302), որուն կը յաջորդեն Բրիտանիա (33,998) եւ Իտալիա (31,610):