ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԵՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները տեղեկացուցին, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, մօտաւորապէս երկու ամիսներէ ի վեր փակ մնացած գաւառի ծովափները վերաբացուեցան քալելու եւ շարք մը այլ մարզանքներու համար, սակայն հոն այցելող քաղաքացիներէն կը խնդրուի, որ իրենց մարզանքէն ետք հոն չտնտնան:
Կը խնդրուի դիմակներ կրել, իրարմէ 6 ոտք հեռու մնալ եւ հետեւիլ ներկայացուած խրատներուն։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 14 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 51 քաղաքացիներ եւս մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուեցան վարակման 925 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 35,329 վարակումներ եւ 1709 մահեր, որոնց 92 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններուն թիւը կը հասնի 272,000ի։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 74,958 վարակումներ եւ 3052 մահեր։