ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրին հետեւանքները չէզոքացնելու միջոցառումներու ծիրին մէջ, առաւել քան 1 միլիոն անձեր կառավարութենէն ստացած են ուղիղ աջակցութիւն։ Ազգային ժողովի նիստին այս մասին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Վարչապետը յիշեցուց, որ կառավարութիւնը իրականացուց հակաճգնաժամային 16 նախաձեռնութիւներ, որոնց իբրեւ արդիւնք արդէն իսկ անուղղակի աջակցութիւն ցուցաբերուած է շուրջ 21 հազար տնտեսավարողներու ՝ յատկացնելով արտօնեալ վարկեր, նաեւ աւելի քան մէկ միլիոն անձեր կառավարութենէն ստացած են ուղղակի աջակցութիւն: