ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ԿՐՆԱՅ 135,000Ի ՀԱՍՆԻԼ
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ»․- Առնուազն 50 երկիրներու եւ համաշխարհային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները Երկուշաբթի օր 8 միլիառ տոլար յատկացուցին «Քորոնա» ժահրին պատուաստ մը եւ դարման մը գտնելու պայքարին, սակայն Միացեալ Նահանգները որոշեց մասնակցութիւն չբերել համաշխարհային այս ջանքին, հակառակ անոր, որ անիկա համաճարակին ընթացքին արձանագրած է մեծագոյն թիւով վարակուածները եւ զոհերը։
Գլխաւոր նուիրատուներուն շարքին են ՝ Եւրոպական Միութիւնը, Բրիտանիան, Նորվեկիան, Սէուտական Արաբիան, Ճափոնը եւ Գանատան։
Միւս կողմէ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը Երեքշաբթի օր յայտարարութիւն տարածեց՝ յայտնելով, որ մարդկութիւնը պէտք է համակերպի այն իրականութեան հետ, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը բաւական երկար ժամանակ պիտի խլէ՝ շեշտելով համաճարակին տարածումը զսպելու համար միասնական քայլեր առնելու կենսական կարեւորութիւնը։
«Որոշ երկրներու մէջ, նոր վարակուածներու եւ մահերու թիւը կը նուազի, իսկ ուրիշներու մէջ այդ թիւերը կը շարունակեն աճիլ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Ըստ վերջին տուեալներուն՝ աշխարհի տարածքին վարակուած անձերու թիւը կը մօտենայ 3․7 միլիոնի, որոնց գրեթէ մէկ երրորդը Միացեալ Նահանգներու մէջ են: Աշխարհի տարածքին մահացած են առաւել քան 254,000 անձեր եւ ապաքինած՝ 1․2 միլիոն ուրիշներ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ զոհերուն թիւը անցաւ 70,000ի սահմանը։
Հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ժահրին կիզակէտը հանդիսացող Նիւ Եորքի մէջ վարակումները եւ մահերը կը նուազին, ամերիկացի համաճարակաբաններ թէ՛ դաշնակցային եւ թէ նահանգային իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընեն՝ մեկուսացման սահմանափակումները արագօրէն չմեղմացնելու:
Սպիտակ տան ներքին օգտագործման համար նախատեսուած փաստաթուղթէ մը իր տեղեկութիւնները քաղած «Նիւ Եորք Թայմզ»ը բացայայտեց, թէ մասնագէտները կ՛ակնկալեն, որ օրական արձանագրուող մահերուն թիւը երկրին տարածքին կրնայ 3000ի հասնիլ մինչեւ 1 Յունիս, ցարդ արձանագրուող 1750ին դիմաց: Այլ խօսքով՝ մինչեւ Օգոստոս, ժահրին հետեւանքով մահացածներուն թիւը կրնայ հասնիլ 135,000ի: