ՊՈԼԻՍ, «Էյ․Փի․»․- Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը 1 Մայիսին ուժի դիմեց՝ ցրուելու համար Աշտաւորներու միջազգային օրուան առիթով քանի մը աշխատաւորական միութիւններու կազմակերած հաւաքները, որոնց արտօնութիւն չէր տրուած «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարածումը զսպելու համար պարտադրուած սահմանափակումներուն պատճառով։ Ոստիկանութիւնը նաեւ ձերբակալեց առնուազն 15 ցուցարարներ։
Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, ցարդ 3174 թուրքեր մահացած են։