ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 28 Ապրիլին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԱԺԿ) նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ Արդարութիւն կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու Վիտալի Բալասանեանի հետ:
Եռակողմանի հանդիպման ընթացքին քննարկման նիւթ դարձան Արցախի տագնապին շուրջ զարգացող գործընթացները եւ այդ նիւթով քաղաքական ուժերուն կողմէ միտքեր փոխանակելու կարելիութիւն ստեղծելու հարցերը:
Կողմերը համաձայնեցան շարունակել խորհրդակցութիւնները: