ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մասնկային (մոլեքիւլըր) կենսաբանութեան հիմնարկը Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւններ կատարող սարքերու արտադրութեան սկսելու նպատակով նիւթեր ձեռք բերելու համար կը բանակցի շարք մը երկիրներու արտադրողներու հետ: Արտադրութիւնը պիտի սկսի նիւթերը ձեռք բերելէ ետք:
Մամլոյ ասուլիսիմը ընթացքին այս մասին յայտնեց Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մասնկային կենսաբանութեան հիմնարկի տնօրէն, կենսաբանական գիտութիւններու թեկնածու Արսէն Առաքելեան:
Ան նախ նշեց, թէ արտադրութեան սկսելու իրենց նախաձեռնութիւնը ունի քանի մը նպատակներ`փորձել ստանալ աւելի արդիւնաւէտ քննութիւններ եւ փորձել անխափան մատակարարում ապահովել:
Ներկայիս կը քննարկուին արտադրութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Նոյն ժամանակ հիմնարկին մէջ կը կատարուին նախապատրաստական աշխատանքներ:
«Անհրաժեշտ սարքաւորումներ կան: Մենք նաեւ ուսումնասիրում ենք հնարաւորութիւնը` որոշակի սարքաւորումներ ձեռք բերելու, որոնք անհրաժեշտ չեն, բայց կարող են գործընթացն արագացնել:
Աշխատանքային պրոցեսի (գործընթացի-Խմբ.) մեծ մասը կազմում է անհրաժեշտ նիւթերի արտադրողների հետ բանակցութիւններ վարելը: Արտադրութիւնը կը սկսի, երբ համապատասխան նիւթերը կարողանանք ձեռք բերել: Բանակցում ենք տարբեր երկրների արտադրողների հետ», ըսաւ Առաքելեան եւ նշեց, որ արտադրութեան մեկնարկի յստակ ժամկէտ չի կրնար ըսել, աշխատանքները տակաւին ընթացքի մէջ են։
Կառավարութեան կողմէ տրամադրուող 550 հազար տոլարը հիմնականին մէջ պիտի տրամադրուի հումքի։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Հայաստանի մէջ արտադրուող քննութեան սարքերը որակային առումով կը տարբերի՞ն արտասահմանեաններէն՝ ան ըսաւ. «Թեստերը լինելու են նման այն ներկրուած թեստերին, որոնք այս պահին առկայ են Հայաստանում: Ինստիտուտը տեսականում ցանկանում է նաեւ անել այնպէս, որ դրանք լինեն աւելի մատչելի, քան ձեռք բերուածները, սակայն դեռ վաղ է այդ մասին խօսելը»: Ան վստահեցուց, որ հիմնարկը ունի այդ թեսթերը արտադրելու ներուժ, կան սարքաւորումներ, ենթակառուցուածքներ եւ հիմնարկը ունի նմանատիպ աշխատանքներու բաւական մեծ փորձառութիւն:
Թղթակից մը հարցուց, եթէ Հայաստան աւելի ուշ այդ թեսթերը արտածելու ներոյժ կրնա՞յ ունենալ՝ Առաքելեան ըսաւ, որ ներկայիս առաջնահերթը Հայաստանի համար արտադրութիւն ապահովելն է։