ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ․Փի․»․- 9 Ապրիլին հաղորդուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրին ստեղծած տնտեսական տագնապին հետեւանքով, յաջորդական երրորդ շաբաթն ըլլալով անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու դիմումները հսկայական ոստում կատարած են։
Արդարեւ, անցեալ շաբաթ 6․6 միլիոն ամերիկացիներ (925,450ը Քալիֆորնիոյ մէջ) նման դիմումներ կատարած են, ինչ որ նախորդ շաբթուան մրցանշային դիմումներուն գրեթէ հաւասար է։
Միւս կողմէ, աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրին խլած զոհերուն թիւը անցաւ 90,000ի սահմանը, իսկ վարակուածներունը՝ 1․5 միլիոնի սահմանը։
Միացեալ Նահանգներու մէջ կան առաւել քան 440,000 վարակուածներ եւ արձանագրուած են մօտաւորապէս 16,000 մահեր։ 8 Ապրիլին մահացան 1922 վարակակիրներ։
Իտալիոյ մէջ զոհերուն թիւը հասաւ 18,279ի, իսկ Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ յաջորդաբար՝ 15,238ի եւ 10,869ի։ Այդ երկիրներուն մէջ կան յաջորդաբար՝ 143,626, 152,446 եւ 112,950 վարակուածներ։
Իրանի մէջ ցարդ մահացած են 66,220 վարակակիրներէն 4110ը, իսկ Բրիտանիոյ մէջ՝ 60,733էն 7097ը։ Թուրքիոյ մէջ կան 42,282 վարակուածն եւ մահացած են 908 վարակակիրներ։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի գրասենեակը յայտարարեց, որ, հակառակ կարգ մը երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող «դրական ցուցանիշերուն», տակաւին կանուխ է ժահրը վերահսկողութեան տակ առնելու նպատակով հաստատուած արգելքները մեղմացնելու:
Դժուարին հարցը այն է թէ :, օր պիտի սպասուի որ վարակուած ըլլալը յայտնաբերուի: