ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ․- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ 6 Ապրիլի յետմիջօրէին յայտարարեց, որ Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ «Տիկնիթի Հելթ» եւ «Քայզըր Փըրմընենթէ»ի հետ գործակցելով, որոշուած է յատուկ հիւանդանոց մը հաստատել, «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու ակնկալուող աճին հետ քայլ պահելու համար։
Ասոր կողքին, մարզադաշտ մը ժամանակաւոր հիւանդանոցի մը կը վերածուի, երկու փակուած հիւանդանոցներ կը վերաբացուին եւ նահանգին տարածքին դաշնակցային 8 դարմանատուներ բանալու աշխատանք կը տարուի, բազմացնելու համար նահանգին տարածքին հիւանդանցային անկողիններու թիւը, զայն ներկայի 75,000էն 1,250,000ի հասցնելու նպատակով։
Այս նոր կեդրոններուն մէկ մասին մէջ հիւանդանոցային խնամք պիտի տրամադրեն նահանգապետին կողմէ անցեալ շաբաթ հաստատուած «Առողջապահական ջոկատներ»ուն միացած տասնեակ հազարաւոր բժիշկները եւ հիւանդապահները։
Նոյն ատեն, Քալիֆորնիոյ նահանգապետը որոշեց 500 արհեստական շնչառութեան գործքիներ տրամադրել Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութեան, որպէսզի անոնք աւելի կարիքաւոր նահանգներուն հասցնցեն։
Նահանգային այլ նախաձեռնութիւններու ծանօթանալու համար այցելել covid19.ca.gov կայքը։