ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 3 Ապրիլ 2020ին, N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին մէջ պարտադիր ժամկէտային զինուոր, շարքային Գարեգին Կամոյի Բաբակեխեանի կզակէն մահացու փամփուշտ ստանալուն առթիւ, երկրորդ կայազօրային քննչական բաժինին մէջ զինուորը անզգուշութեամբ անձնասպանութեան հասցնելու յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ, եւ կը կատարուի նախաքննութիւն: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն:
Ձեռնարկուած են անհրաժեշտ քննչական եւ այլ դատավարական գործողութիւններու` դէպքին բազմակողմանի, լրիւ եւ առարկայական քննութիւնը ապահովելու համար: