ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Ինչպէս ծանօթ է, երկու վեհափառ հայրապետներուն տնօրինումով որոշուած էր եկեղեցիներուն մէջ եկեղեցական արարողութիւնները կատարել դռնփակ, մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ: Նկատի ունենալով, որ համաճարակը նոյն թափով կը շարունակուի եւ շատ մը երկիրներ մինչեւ Ապրիլ ամսուան աւարտը աւելի խիստ միջոցներու դիմած են, վեհափառ հայրապետները որոշեցին երկարաձգել եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւններու դռնփակ կատարումը՝ մեկնելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ապահովութեան նկատմամբ իրենց ունեցած նախանձախնդրութենէն:
Արամ Ա. կաթողիկոսը յատուկ շրջաբերականով մը այս գծով տեղեակ պահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդ սրբազանները, միաժամանակ դարձեալ յորդորելով՝ որ մեր հոգեւոր հայրերը յատուկ աշխատանք տանին մեր եկեղեցական արարողութիւնները, Ս. Գրոց սերտողութիւնները եւ ընդհանրապէս մեր հոգեւոր արժէքները ընկերային ցանցերու ճամբով հասցնելու ընտանիքներուն ու եկեղեցւոյ զաւակներուն: