ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 27 Մարտին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Կախարիայի հետ:
Երկու երկիրներուն վարչապետները տեղեկութիւն փոխանցեցին իրենց երկիրներուն մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին իրավիճակին վերաբերեալ:
Քննարկուեցան Վրաստանի տարածքով հայկական ապրանքներու տարանցիկ փոխադրութեան վերաբերող հարցեր: Յատուկ միջոցներու կը ձեռնարկուի՝ Լարսի մաքսակէտով անխափան բեռնափոխադրութիւններ ապահովելու ուղղութեամբ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Կիորկի Կախարիա պիտի շարունակեն կանոնաւոր կապերը՝ հետագայ հառցերուն արագօրէն արձագանգելու համար: