ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- «Քորոնա» ժահրին պատճառով, Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանը որոշեց հանրային վարժարանները փակ պահել առնուազն մինչեւ 1 Մայիս, նոյն ժամանակ խոստանալով շարժական համակարգիչներ տրամադրել կարիքաւոր աշակերներուն, անոնց ուսումը կարելի եղածին չափ անխափան շարունակելու նատակով։ Կրթաշրջանը նաեւ համաձայնութիւն գոյացուցած է «Վըրայզըն» ընկերութեան հետ, ձրիաբար համացանցային արագ սպասարկութիւն տրամադրելու համար կարիքաւոր աշակերներուն։
Նաեւ, կարիքաւոր աշակերներուն ուտեստեղէնի ծառայութիւններ պիտի տրամադրուին grab-and-go 60 կեդրոններէ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել LAUSD.net կայքը։