ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- «Քորոնա» ժահրին ստեղծած կացութեան պատճառով եւ քաղաքացիներուն տեղափոխութիւնները դիւրացնելու նպատակով, Կլենտէյլի քաղաքապետութիւնը որոշած է Beeline հանրակառքերու իր ցանցով ձրի փոխադրութիւն տրամադել մինչեւ 30 Ապրիլ, յայտարարեց քաղաքապետ Արա Նաճարեան։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 548-3960 թիւին կամ այցելել GlendaleBeeline.com կայքը։