ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը տեղեկացուց, որ 100 պաշտպանիչ անջրաթափանց զգեստներ եւ պաշտպանիչ ակնոցներ տրամադրեց Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Մարդասիրական օգնութեան հանրապետական կեդրոնին:
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ, կարեւոր նկատելով «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարող բժիշկներուն եւ այս մարզին մէջ աշխատողներուն անվտանգութիւնը՝ հիմնադրամը, Բրիտանիոյ տեղական մարմնին աջակցութեամբ, կը կատարէ այս յատկացումը։
Աւելի կանուխ հիմնադրամը տեղեկացուցած էր, որ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի իր գրասենեակը արձագանգեց Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին խնդրանքին ու Հայաստան ուղարկեց մեծաքանակ բժշկական պարագաներ։