ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի քաղաքացիներուն խորհուրդ տուաւ խստագոյնս զերծ մնալ արտասահմանեան ուղեւորութիւններ կատարելէ՝ նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրին աշխարհագրական լայն տարածումը։
Այս առիթով հրապարակած յայտարարութեան մէջ նախարարութիւնը դիտել կու տայ, որ ներկայիս արտերկիր մեկնիլ պատրաստուող Հայաստանի քաղաքացիներուն ճամբորդութիւնները կրնան չեղարկուիլ՝ Հայաստանի կամ տուեալ երկրին կողմէ եղած սահմանափակումներուն պատճառով, ուրեմն, պէտք է լաւապէս հետաքրքրուին եւ այդպէս ճշդել։
«Հայաստանի այն քաղաքացիներին, ովքեր պլանաւորում (կը ծրագրեն-Խմբ.) են օտարերկրեայ պետութիւնից վերադառնալ Հայաստան, յորդորում ենք մինչ վերջնական որոշում կայացնելը մանրակրկիտ վերստուգել թռիչքների եւ տարանցիկ հնարաւորութիւնների առկայութիւնը՝ իրավիճակը սթափ գնահատելու եւ Հայաստան վերադառնալու կամ տուեալ երկրում մնալու վերաբերեալ խելամիտ որոշում կայացնելու համար:
«ԱԳՆն եւ արտերկրում Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան մարմինները մշտապէս կը տրամադրեն թարմացուող տեղեկատուութիւն ճամբորդութեան հնարաւորութիւնների եւ տարբեր երկրների կողմից կիրառուող սահմանափակումների վերաբերեալ: Հայաստանը իր դիւանագիտական ծառայութեան ողջ ներուժը ներդնում է արտերկրում գտնուող մեր քաղաքացիների կողքին լինելու եւ առաւելագոյնս օժանդակելու համար», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: