ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարութիւն մը հրապարակեց նախընտրական քարոզչութեան եւ 31 Մարտին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
Անոր մէջ կը նշուի, որ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու եւ Արցախը համաճարակային վիճակէ հեռու պահելու նկատառումով, Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը նախաձեռնած է հետեւեալ կանխարգելիչ միջոցառումներուն.
– Կեդրոնական, տարածքային ընտրական յանձնաժողովներու նիստերը տեղի պիտի ունենան հիմնականին մէջ հարցման կարգով.
– Թեկնածուներու, կուսակցութիւններու (կուսակցութիւններու դաշինքներու) ներկայացուցիչներուն հետ պիտի գործադրուի կապ հաստատելու ելեկտրոնային տարբերակը.
– Արդէն չեղարկուած են հանրապետութեան բոլոր շրջաններուն եւ Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ տեղամասային ընտրական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչներուն հետ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի պատասխանատուներուն կողմէ նախապէս ծրագրուած սեմինար-հանդիպումները.
– Քուէարկութեան օրը տեղամասային կեդրոններու հականեխման վիճակը եւ տեղամասային ընտրական յանձնաժողովականներուն ու ընտրողներուն առողջութեան անվտանգութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներ պիտի տարուին.
– Քայլերու պիտի ձեռնարկուին դիտորդներու, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ, անմիջական շփումներու վերանայման ձեւաչափերու մշակման եւ ներդրման ուղղութեամբ:
«Հաշուի առնելով, որ ներկայումս հանրապետութեան ողջ տարածքում նախընտրական ակտիւ (աշխոյժ-Խմբ.) քարոզչութիւն է ընթանում, առաջարկում, յորդորում ու կոչ ենք անում քարոզչութեան բոլոր սուբյեկտներին (կառոյցներուն-Խմբ.) նախընտրական հանդիպումների անցկացման ձեւաչափերի վերանայման ուղղութեամբ միջոցներ ձեռնարկել (ինչի մասին աւելի վաղ մեր կողմից բանաւոր առաջարկուել էր), հնարաւորինս խուսափելով զանգուածային միջոցառումներ նախաձեռնելուց ու մասնակցելուց, խստիւ հետեւելով ԱՀ առողջապահական համակարգի պատասխանատուների ցուցումներին:
«Միասին մենք պէտք է տրամաբանական աւարտին հասցնենք Մարտի 31ին կայանալիք‘ Արցախի Հանրապետութեան համար այդքան կարեւոր համապետական նշանակութեան ընտրութիւնները ու ամենակարեւորը՝ լինենք առողջ: Համոզուած ենք փոխադարձ ըմբռնումների մթնոլորտում համագործակցելու՝ բոլոր կողմերի կամայայտնութեան մէջ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: