ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ կառավարութեան նախագահ Միխայիլ Միշուստինի հետ:
Զրուցակիցները քննարկեցին «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ երկու շաբաթով սահմանափակելու ուղեւորներու փոխադրութիւնները Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ՝ ապահովելով երկու երկիրներուն քաղաքացիներուն վերադարձը: Պիտի պահպանուի բեռնափոխադրութիւններու անխափան գործընթացը: