ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ.- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Տիգրանակերտը ներկայացնող հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի գրասենեակէն ստացանք հետեւեալը.
«Փետրուար 24ին, Իրանի Խոյ քաղաքին մօտ պատահած 5.9 ուժգնութեամբ երկրաշարժին հետեւանքով, Վանի Պաշքալէ արուարձանի բնակիչ 9 քաղաքացիներ մահացան եւ 50 քաղաքացիներ վիրաւորուեցան: Պաշքալէի գիւղերուն մէջ ալ պատահեցան լուրջ քանդումներ:
«Երկրաշարժը լուրջ վնասներ հասցուց նաեւ Պաշքալէի մշակութային յուշարձաններուն, որոնցմէ մէկն է 7րդ դարուն կառուցուած Ձորադիրի Ս. Էջմիածին եկեղեցին, որ պատմական եւ ճարտարապետական առումով կարեւոր կառոյց մը ըլլալով հանդերձ, ձգուած է իր ճակատագիրին:
Եկեղեցին երկրաշարժին հետեւանքով ա՛լ աւելի վնասուած է եւ փլած է անոր աջակողմեան որմնախորշը: «Նիւթին շուրջ հետեւեալ հարցումները ուղղած ենք մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյի.
- Ճշդուա՞ծ են այն վնասները, զորս երկրաշարժը պատճառած է Ձորադիրի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ.
- Պատմական եւ ճարտարապետական առումով անզուգական նկատուող եկեղեցւոյ վնասները նորոգելու համար գումար պիտի տրամադրուի՞ եւ ժամ առաջ բարեզարդման աշխատանքներու պիտի ձեռնարկուի՞.
- Երկրաշարժէն վնասուած Վանի այլ յուշարձաններու վնասները ճշդելու համար աշխատանք կատարուա՞ծ է.
- Վանի մշակութային յուշարձաններու գոյքագրումը կատարուա՞ծ է.
- Ո՞րն է նախարարութեանդ գործողութիւններու ծրագիրը՝ Վանի մշակութային յուշարձաններու պահպանման, նորոգութեան եւ իբրեւ մշակութային յուշարձան յաջորդ սերունդներուն փոխանցման ուղղութեամբ»: