ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, 22 Մարտին, կ.ե. ժամը 1էն սկսեալ, յաւարտ Ս. պատարագի, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214) տեղի պիտի ունենայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած հերթական դասախօսութիւնը՝ «Հայկական լեռնաշխարհի վերազարթօնքը» խորագիրով: Բանախօսն է՝ Մեթիու Քարանեան:
Պատմական Հայաստան եւ Արեւմտեան Հայաստան անունները վերացական հասկացողութիւններ են շատ մը հայերու համար: Այդ անունները կը յիշեցնեն ցաւի, տառապանքի եւ տեղահանման պատկերներ: «Արեւմտեան» բառը իր մէջ կ՛ենթադրէ նաեւ բաժանուած ազգ, իսկ «Պատմական»ը՝ անցեալ, որ հնարաւոր չէ վերակենդանացնել:
Առաւել քան 20 տարիներ, Մեթիու Քարանեան կ՛ուսումնասիրէ այս աշխարհամասը՝ այն հաստատ համոզումով, որ հայերու մօտ պիտի կարենայ փոխել իրենց հնագոյն հայրենիքին հանդէպ ունեցած պատկերացումները եւ զգացումները, զանոնք դարձնելով աւելի մատչելի եւ իսկական:
Մեթիու Քարանեանի լուսանկարները կը փորձեն փարատել այն սխալ մտածումը՝ ըստ որուն հայերը կորսնցուցած են ամէն ինչ: Վերջին 20 տարիներուն ընթացքին, դէպի մեր հնագոյն հայրենիքը իր կատարած ճամբորդութիւններուն ատեն, Քարանեան փաստեց, որ որոշ չափով դեռեւս կանգուն մնացած են մեր գանձերը եւ հնութիւնները: Ան իր ելոյթին մէջ պիտի ներկայացնէ այն բոլոր բաները, զորս գտած է մեր հայրենի բնաշխարհին մէջ, ապա պիտի աշխատի համոզել, թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է չափագրել եւ պահպանել այն բոլորը, որոնք դեռեւս մնացած են կանգուն:
«Հայկական Բարձրավանդակ»ը եւ ոչ թէ «Արեւմտեան Հայաստան»ը, «Պատմական Հայաստան»ը կամ «Անաթոլիա»ն է, որ կը ներկայացնէ հայութեան հայրենիքը: Քարանեան կը պնդէ, որ Հայկական Բարձրավանդակը ճշմարիտ հայրենիքն է հայութեան, եւ ամէն հայորդի պէտք է իր արմատները եւ անցեալը հոն փնտռէ:
Շահեկան այս դասախօսութեան մուտքը ազատ է:
Տեղի պիտի ունենայ նաեւ հիւրասիրութիւն: Հրաւիրուած են մեր բոլոր հայրենակիցները իրենց ընտանեկան պարագաներով եւ մանաւանդ երիտասարդներով: Դասախօսութիւնը պիտի տրուի անգլերէնով: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել (818) 248-8080) թիւին կամ գրել՝
CVarmenianchurch@gmail.com հասցէին։
(Հաղորդագութիւնը՝ եկեղեցիէն)