ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Սի.Էն.Էն.».- Ներկայացուցիչներու տունը 4 Մարտի երեկոյեան վաւերացուց բանաձեւ մը, որ 7.8 միլիառ տոլար պիտի յատկացնէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին։ Կ՛ակնկալուի, որ Ծերակոյտը եւս վաւերացնէ բանաձեւը, իսկ նախագահ Տանըլտ Թրամփ խոստացած է ստորագրել զայն, հակառակ անոր, որ անիկա շատ աւելին է, քան իր առաջադրած 2 միլիառ տոլարի աջակցութիւնը։
Միւս կողմէ, Քալիֆորնիոյ նահանգը, հետեւելով Լոս Անճելըս քաղաքի եւ գաւառի օրինակներուն, արտակարգ վիճակ հռչակեց նահանգին մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ աւելի ազդու կերպով պայքարելու համար, մինչ նահանգին հիւսիսային շրջաններուն մէջ առաջին զոհը արձանագրուեցաւ։
ՄԱԿի Առողջապահութեան գործակալութիւնը յայտարարեց, որ Չինաստանէն դուրս ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է առաւել քան 10 հազարի, 72 երկիրներու մէջ։
Չինաստանի իշխանութիւնները, իրենց կարգին, յայտարարեցին, որ «Քորոնա»ին պատճառով Չինաստանի մէջ 38 նոր մահեր արձանագրուած են 4 Մարտին, սակայն նոր վարակումներու թիւը յաջորդական երրորդ օրն ըլլալով նուազած է:
Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտնեց, որ ժահրը հարուածած է Իրանի գրեթէ բոլոր շրջանները: Իրանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ մահացածներուն թիւը բարձրացած է 92ի, իսկ վարակուածներունը՝ 2922ի: