ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Օր չկայ որ աշխարհի մարդկութեան մեծամասնութիւնը տնտեսական հարցերու մասին չմտածէ: Մարդ կայ, որ ամէն վայրկեան իր հեռախօսի լուսապաստառին վրայ կը հետեւի սակարանային արժէքներու փոփոխութեան, երբեմն մէկ դրամանիշէն միւսը փոխանցումներ կատարելով, երբեմն ալ այս ընկերութեան հաշուոյն մէջ ունեցած բաժնետոմսերը ծախելով ու միւս ընկերութենէն աւելի արժէքաւորները գնելով:
Համայն աշխարհի, որեւէ մասնաւոր երկրի, կամ տուեալ անհատ մարդու տնտեսական խն-դիրները առօրեայ մտահոգութիւններ ըլլալէ բացի, կ՛ունենան նաեւ իրենց տագնապի ժամանակաշրջանը, որ մինչեւ իսկ ճգնաժամի կը վերածուի երբեմն: Այնպէս ինչպէս անհատ մարդիկ իրենց տնտեսական անհեռատեսութեան կամ իրենց գործին առնչուած ձախորդութեան մը հետեւանքով կը սնանկանան, նոյնպէս ալ երկիրներու կառավարութիւններ իրենց վարած տնտեսական սխալ քաղաքականութեան եւ կամ ներքին փտածութեան պատճառաւ կ՛աղքատանան, դատարկած ըլլալով պետական գանձարկղը եւ իրենց ժողովուրդը մատնելով անպատմելի դժուարութիւններու՝ աղքատութեան, թշուառութեան, ապրուստ հայթայթելու ապօրինի միջոցներու եւ այլ ողբերգութեանց, որոնց ամէնէն յետին մանրամասնութիւնները շատերուս ծանօթ են արդէն:
Դրամատնային կեղծ ապահովութեան ուրուականը երբ սկսի թեւածել տուեալ երկրի երկնակամարին վրայ, տոկոսային բարձր արժէքներու խաբուսիկ շլացումներով եւ առինքնող փորձութիւններով, այդ երկրի հիմերուն տկարացումը ազդարարող նշանները ի յայտ կու գան: Անհատ մարդոց եւ նոյնիսկ ընկերութիւններու միջեւ, ինչպէս նաեւ ամբողջ երկրի սահմաններէն ներս, առեւտուրը վճարագիրներով (check) կը շրջագայի, յաճախ առանց դրամագլուխի վճարագիրներու պատճառով մինչեւ դատարաններու դռները առաջնորդելով նախապէս իրարու հաւատարիմ գործընկերներ:
Սակայն այս եւ նման նշաններու ո՛չ ոք կ՛ուզէ հաւատալ, նոյնիսկ «բարի կամքի դեսպան»ներուն կողմէ ըսուածներուն դիմաց փակելով ականջները ու արհամարհելով եղած յայտարարութիւնները, մարդիկ իրենց գիտցածէն ետ չեն կենար: Նոյնը չեղա՞ւ Նոյի օրերուն, երբ Աստուծոյ անունով ազդարարեց բոլորին Աստուծոյ մարդը, սակայն ո՛չ ոք հրաժարեցաւ «կին առնելէ, մարդու տրուելէ», ինչպէս կը վկայէ Աստուածաշունչ մատեանը, մինչեւ այն օրը, երբ Նոյը մտաւ տապան, դռներն ու լուսամուտները փակեց եւ յորդառատ անձրեւ սկսաւ տեղալ, վերածուելով ջրհեղեղի: Աշխարհի մարդկութեան վճռագիրը տրուած էր: Ո՞ւր մնացին այդքան մարդոց առօրեայ մտահոգութիւնները, ամէնօրեայ աշխատանքները եւ ապագայի հեռանկարները, հարստութեան հանդէպ սէրը, աղքատութեան երկիւղը եւ բազմապիսի այլ մտահոգութիւնները:
Աշխարհի մէջ ամէնէն տոկուն երեւոյթները, ինչպէս՝ նկարագիր, կամք, դիմադրողականութիւն, քաջութիւն, հերոսութիւն, վտանգ դիմակայելու անվախութիւն, բոլորն ալ կը համեմատուին բնութեան կարծր նիւթերու հետ, ինչպէս՝ ժայռ, կայծքար, երկաթ, պողպատ, սառոյց եւ նման պնդութեամբ նիւթեր: Սառոյցին ամրութիւնը պէտք չէ՛ զարմացնէ մեզի, որովհետեւ հիւսիսային բեւեռի մօտ երկիրներուն մէջ, ուր ամէն ինչ սառած վիճակի մէջ է, նոյնիսկ լիճերը ոտքով անցնելու ճանապարհներ կը դառնան, որոնց վրայէն ինքնաշարժներ եւ սառոյցը ծակող կամ կոտրող ծանր բեռնաբարձեր կÿընթանան:
Ապագայ կերտելու եւ կամ կեանքի անակնկալներուն նախապատրաստուելու համար, աշխարհի մարդկութեան մեծամասնութեան կարծիքը այն է, որ պէտք է որոշ գումար ի պահ դրուի, շարժուն կամ անշարժ գոյքի ձեւի տակ եւ կամ ուղղակի ի պահ դրուած դրամանիշի պահեստով: Սակայն այս խոհական իմաստութեան չեն կրնար մարդիկ յաճախ սահման դնել, զայն վերածելով կեանքի «առաքելութեան»: Լսուած եւ կրկնուած խօսք է, որ դրամը կեանքի նպատակ չէ, այլ՝ որոշ ծրագիրներ իրագործելու միջոց պարզապէս: Այս խօսքը ինչքան շրջանառութեան դրուի, նոյնիսկ զայն բարձրաձայն յայտարարողներուն կողմէ, այնքան աւելի՛ իմաստազուրկ պիտի դառնայ, որովհետեւ այնպէս կը թուի թէ անիկա ականջ խուլցնելու յատկութիւն ունի միաժամանակ: Զայն լսելով հանդերձ, ո՛չ ոք կ՛ուզէ լսած ըլլալ, օգտուելով աստուածապարգեւ երկու ականջ ունենալու բարեբախտութենէն, որով մէկ ականջէն մտածը միւս կողմէն հեզասահ դուրս կու գայ, ականջի սսուկի նման:
Պատահած է, որ իրենց ողջ կեանքի ընթացքին արիւն-քրտինք թափելով եւ ապագայ անորոշութենէն փրկուելու համար որոշ գումար խնայած մարդիկ երբ յանկարծամահ եղած են, ժառանգորդները այնքա՜ն հանգիստ խղճով վատնած են անոնց ունեցուածքը, նոյնիսկ այդ մարդոց կատարած իւրաքանչիւր տարուան խնայողութիւնը մէկ օրուան մէջ ծախսելով: Ասոնք ամէնօրեայ իրական դէպքեր են, եւ եթէ պրպտելու առիթ ունենաք, համապատասխան ազգային կամ քաղաքացիական հիմնարկութեանց գրասենեակներէն կրնաք առատ օրինակներ հաւաքել նման դէպքերու:
Սառոյցը միւս կարծր նիւթերէն կը տարբերի շուտով հալելու իր տկարութեամբ: Երկաթն ալ կը հալի կրակին դիմաց, քարն ալ կը փշրուի մուրճի հարուածներուն տակ: Սակայն ամէնէն «նուրբ»ը այս բոլորին մէջ սառոյցն է, որ հակառակ իր պինդ կազմուածքին, արեւու շողերուն տակ նախ փայլուն տեսք կը ստանայ, ողորկ դէմքով կը ժպտայ կեանքին, սակայն շուտով «կ՛արտասուէ»՝ իր էութենէն թափուող արցունքներ հոսեցնելով, որոնք ի վերջոյ գետինէն շոգիանալով, ոչնչութեան կը վերածեն զինք:
Ծանօթ մարդիկ, որոնք հարազատի կապերով առնչութիւն ունին իրարու հետ, նիւթական կարիքին դիմաց իրարու դրամ փոխ տալէ ետք երբ կ՛որոշեն զայն ետ չվերցնել, դրամը ստացողին կ՛ըսեն. «սառոյցի վրայ արձանագրեցի այս պարտքդ», այսինքն՝ պարզապէս նուիրեց այդ գումարը իր հարազատին, բնաւ զայն ետ չառնելու պայմանով: Նախադասութեան մէջ ամփոփուած մտածումը կու գայ սառոյցին շուտ հալելու յատկութենէն: Ի՛նչ գրիչով ալ գրենք սառոյցին վրայ, նոյնիսկ եթէ այդ տողերը փորագրենք այնտեղ սուր գործիքով մը, քիչ ետք երբ անիկա հալի, գրութիւնն ալ պիտի ոչնչանայ, իր հետ տանելով այնտեղ արձանագրուած նախադասութեան կամ գուցէ նոյնիսկ մէկ բառին իմաստը:
Սառոյցէն աւելի շուտ հալող նիւթ կայ սակայն: Դրամն է այդ, որուն հալելուն պատճառը ծուլութիւնն է: Իր օրապահիկը վաստակող եւ ընտանիքին կեանքը ապահովող մարդուն աշխատանքը բնաւ նպատակ չունի դրամը կեանքի նպատակ դարձնելու: Սակայն ծուլութիւնը, որ շուտով շատ դրամ հաւաքելու մոլուցքը ունի իր մէջ, եւ որ ձեւերու միջեւ խտրութիւն չի՛ դներ, կը նմանի ջուրը ամաններու մէջ լեցնելով սառոյցի վերածելու ժամանակաւոր գործին: Ամաններուն մէջի սառոյցը իբրեւ թէ օգտագործելու համար սառնարանէն դուրս բերողը երբ սկսի կոտրել անկէ մասնիկներ, յանկարծ կը նկատէ, որ իր սառոյցին մեծ մասը ջուրի վերածուեր է արդէն:
Ծոյլին աշխատելաոճն է այս, որուն այնպէս կը թուի, թէ իր հաւաքած ջուրերով պատրաստուած «սառոյց»ը դիմացկուն է ընդերկար ժամանակաւ: Դրամը եթէ առօրեայ ջանքով ու աշխատանքով չվաստակուի, սառոյցէն աւելի շուտ կը հալի: Զայն պահպանելու միակ ձեւը յարատեւ աշխատանքն է, ու մանաւանդ պէտք եղածէն աւելի զայն չհաւաքելու փորձութեան դիմադրելը: