ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծ պահոց քառասնօրեակին կը նախորդէ Բուն Բարեկենդանի Կիրակին, որ Անթիլիասի Մայրավանքին կիրակնօրեայ վարժարանը զայն կը նշէ փոքրիկներուն զանազան կերպարներու ծպտումով: Առ այդ, Կիրակի, 23 Փետրուարին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները:
Կաթողիկոսը իր գնահատական խօսքին մէջ գնահատեց Կիրակնօրեայ վարժարան յաճախող մանուկները եւ անոնց պատասխանատուները ու շեշտեց Կիրակնօրեայ վարժարանին դաստիարակչական դերը մանուկներու կեանքին մէջ:
Այս առիթով, հայրապետը քաջալերեց եւ իր գնահատանքը յայտնեց փոքրիկներու ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին Կիրակնօրեային, որպէսզի անոնք այնտեղ ստանան քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւն: