ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան 21 Փետրուարին, Արցախի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար, զօր. Կարէն Աբրահամեանի հետ։
Նախագահին հետ Թաթոյեան քննարկեց մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հայկական երկու պետութիւններուն համապատասխան կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Զօր. Աբրահամեանի հետ արծարծուեցան զինուորական ծառայողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ երկու գերատեսչութիւններուն միջեւ համագործակցութեան խորացման վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ բանակի առաջին փոխհրամանատատ, զօր. Ջալալ Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան զինուորականներ։