ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի մէջ, 11 Փետրուարին նշուեցաւ Իսլամական յեղափոխութեան 41րդ տարեդարձը եւ այդ առիթով երկրի զանազան քաղաքներու մէջ տօնական քայլարշաւներ տեղի ունեցան։
Թեհրանի մէջ տեղի ունեցող արշաւին ընթացքին, մինչ ցուցարարները կը պոռային «Մահ Ամերիկային» կարգախօսը, երթին մասնակիցներէն մէկը բացագանչեց՝ «Մահ Հայաստանին»:
Ըստ «Ինֆոթեքա24» լրատուական կայքին, հակահայ ցուցարարը չյաջողեցաւ համակիրներ գտնել եւ միւսները կրցան լռութեան մատնել զայն։
Իրանի մէջ հայերը սովորաբար յարգալից վերաբերմունք կը վայելեն ոչ միայն բնակչութեան, այլ նաեւ իշխանութիւններուն կողմէ, իսկ Հայաստան եւ Իրան յաճախ իրարու կը զօրակցին միջազգային հարթակներու վրայ։
Ատրպէյճանցի անջատողականները՝ փանթուրանական գաղափարախօսութեան հետեւողները, յաճախ հարցեր կը ստեղծեն Իրանի համար՝ թշնամութեան եւ ատելութեան մթնոլորտ հրահրելով Իրանի ժողովրդին ու իշխանութիւններուն նկատմամբ։
«Վստահ ենք, որ հայատեացութեան նման դրսեւորում անպատիժ պիտի չմնայ, եւ երկրին իրաւապահ մարմինները լրջօրէն կը զբաղին ատրպէյճանցի այս սադրիչին հարցով», եզրակացուց «Ինֆոթեքա24»ը: