ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը կը հաղորդէ, թէ ՀՕՄի 110ամեակին նուիրուած կալային հանդիսավարութիւնը պիտի ստանձնէ յատկանշական իրագործումներու հասած կրթական մշակ դոկտ. Ալինա Դուրեան։
«110 տարի ուժեղ» կարգախօսով այս տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 29 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ եւ առիթ մը պիտի հանդիսանայ լուսարձակի տակ առնելու ՀՕՄի տեղական եւ համաշխարհային գործունէութիւնը:
Դոկտ. Դուրեան Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնն է, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի Հանրային առողջապահութեան յանձնաժողովի անդամ: Ան նաեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) Հանրային առողջապահութեան «Ֆիլտինկ» դպրոցի մէկ բաժանմունքի փոխտնօրէնն է: Ան հանրային առողջապահութեան մարզին մէջ սպասարկութիւններ տրամադրած է Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն, հեղինակած է Արցախի Հանրապետութեան առաջին Ազգային առողջապահութեան ծրագիրը եւ արժանացած է Արցախի նախագահի «Երախտագիտութեան» շքանշանին։
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ կը գործեն 24 մասնաճիւղեր, մօտաւորապէս 1200 անդամներով, որոնք յատկանշական դերակատարութիւն ունին ՀՕՄի աշխարահասփիւռ գործունէութեան մէջ։ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄը հիմնուած է 1984ին։ 1910ին հիմնուած ՀՕՄը ներկայիս կը գործէ 27 երկիրներու մէջ եւ ունի 15,000 անդամներ։
ՀՕՄի 110ամեակի տօնակատարութեան տոմսերուն համար՝ դիմել (818) 500-1343 թիւին կամ office@arswestusa.org հասցէին։