ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ յօրինողներու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները պիտի հնչեն Ապրիլ 24ին, Ֆրանսայի Վերսայ թագաւորական եկեղեցւոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգին:
Ըստ Վերսայի թագաւորական տաճարի կայքին՝ «Քաղաքը պիտի դառնայ այն վայրը, ուր կարելի կ՛ըլլայ հայ ժողովրդի ձայնը լսել երաժշտութեան միջոցով, որ անոր բազմադարեայ պատմութեան խորհրդանիշն է»:
Համերգին պիտի ներկայացուին Առնօ Բաբաջանեանի, Կոմիտասի եւ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները՝ Մելոտի Լուլեճեանի (սոփրանօ), Շուշան Սիրանոսեանի (ջութակ), Ասթրիկ Սիրանոսեանի (թաւջութակ) ու Վարդան Մամիկոնեանի (դաշնամուր) կատարումներով: