ՔԻԵՒ, «Ազատութիւն».- Ուքրանիոյ օժանդակութեամբ 2020ի նախագահական ընտրութիւններուն իր յաղթանակը ապահովելու համար, Քիեւի վրայ բանեցուցած ճնշումներուն հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը պաշտօնազրկելու դատավարութեան աւարտէն միայն քանի մը օր ետք, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի Երեքշաբթի, 11 Փետրուարին անակնկալօրէն պաշտօնազրկեց իր կառավարութեան անձնակազմին պետը՝ Անտրէյ Պոհտանը, անոր փոխարէն նշանակելով Անտրյէ Երմաքը։
Յատկանշական է, որ Երմաք մէկն էր Թրամփի անձնական փաստաբան Ռուտի Ճուլիանիի այն գործակիցներէն, որոնց միջոցաւ Ճուլիանի կը փորձէր Թրամփի հաւանական մրցակից Ճօ Պայտընի եւ անոր զաւակին մասին վարկաբեկիչ տեղեկութիւններ ապահովել, շրջանցելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Ուքրնաիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին կողմէ Քիեւի իշխանութիւններուն հետ հաստատուած պաշտօնական օղակները։
Ճօ Պայտընի եւ անոր զաւակին «հացին իւղ քսուեցաւ»: Անու՜շ լինի: