ՓԱՍԱՏԻՆԱ, ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Ուրբաթ, 21 Փետրուարին եւ Կիրակի, 23 Փետրուարին, «Կարօտեալ Քրիստոնեաներ» (Christians In Need Foundation, CINF) բարեսիրական կազմակերպութիւնը եւ «Արարատ» հիմնարկութիւնը կազմակերպած են դասախօսական երկու ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին «Կարօտեալ Քրիստոնեաներ»ու նախագահ Սիոպան Նեշ Մարշըլ պիտի ներկայացնէ Արցախի Հանրապետութեան մէջ կազմակերպութեան գործունէութեան մանրամասնութիւնները։
«Հաւատք եւ սէր. առաքելութիւն Արցախի մէջ» խորագրուած առաջին դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 21 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, Փա-սատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ «Տէրեան» սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 339 S. Santa Anita Ave., Pasadena, CA 91107։
«Հաւատք Արցախի մէջ. Արեւմտեան սահմաններու պաշտպանութիւն» խորագրուած երկրորդ դասախօսական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 23 Փետրուարին, կ.ե. ժամը 2էն սկսեալ, Մերտինեան վարժարանի «Արամ եւ Անայիս Պուլղուրճեան» սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 13330 Riverside Dr., Sherman Oaks, CA, 91423:
Համագործակցութեամբ Արցախի իշխանութիւններուն, համալսարաններուն եւ կրթական այլ հաստատութիւններու՝ «Կարօտեալ Քրիստոնեաներ» կազմակերպութիւնը կրթական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ Արցախի ուսանողներուն, օժանդակելով Արցախի բարգաւաճման ջանքերուն։
Սիոպան Նեշ Մարշըլ հեղինակն է «Հայրերուն Մեղքերը. Թուրքիոյ Ուրացման Քաղաքականութիւնը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» հատորին. ան իմաստասիրութեան դասախօս է «Մենհեթընվիլ» համալսարանին մէջ։
«Կարօտեալ Քրիստոնեաներ» կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել www.cinfusa.org կայքը: