ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հաւատարիմ մնալով «Քաջալերել հայ մշակոյթի պահպանումը ու տարածումը» նպատակին եւ գործնական քայլ մը առնելով իրականացնելու այդ նպատակը, Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութիւնը «Կոմիտաս» երգչախումբը 2007ին կազմելէ ետք, եւ հաւատալով, որ միութեան գոյատեւումը ու յառաջընթացը կարելի է իրականացնել՝ զարկ տալով երիտասարդութեան մասնակցութեան՝ քանի մը տարի առաջ կազմեց «Արենի» պատանեկան պարախումբը, պարուսոյցներ՝ Սարօ Ասատուրեանի եւ Անահիտ Թախթալեանի ղեկավարութեամբ։
Խումբը փորձեր կը կատարէ միութեան սրահին մէջ եւ ամէն տարի Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առիթով համայնքին կը ներկայացնէ շքեղ երեկոյ մը, որուն ներկայ կ՛ըլլան բազմաթիւ համակիրներ։
11 Յունուար 2020ը յիշատակելի օր մը եղաւ միութեան կեանքին մէջ, երբ «Արենի» պարախումբը կատարեց իր տարեկան ելոյթը՝ Լա Քանիատա քաղաքի «Լենթըրմըն» սրահին մէջ, ուր ներկաները 1։30 ժամ վայելեցին հայկական եւ այլ պարեր, ներկայացուած պարախումբին կողմէ։
«Արենի» պարախումբի իւրաքանչիւր անդամ իր կարելին ըրաւ ելոյթը յաջողութեամբ պսակուելու նպատակով եւ պարախումբի իւրաքանչիւր ակնարկ՝ յատուկ ուշադրութիւն գրաւեց՝ սկսեալ աղջիկներուն գեղեցկութենէն, գունաւոր եւ շատ գեղեցիկ իւրայատուկ տարազներէն եւ պարերու համադրումէն։
Պարողները յայտագիրը հաճելի ձեւով ներկայացուցին, սկսեալ՝ «Հայրենիք» պարէն, հայ նազելի քնքոյշ օրիորդներէն, հաւասարաքայլ եւ ներդաշնակ պարմանուհիներէն, հասնելով ամչկոտ հարսին եւ հպարտ փեսային։ Անոնք ներկայացուցին ներկան, ներդաշնակելով հայ երգը եւ օտար պարը եւ նոյնիսկ ընդգրկելով եւ յաջողաբար ներկայացնելով հնդկական պար մը։
Պարերուն ընդմիջումներուն քանի մը պատանիներ եւ պարմանուհիներ ասմունքեցին քանի մը հայկական կարճ բանաստեղծութիւններ, որոնք շատ հաճելի էին ունկնդրողներուն։
Առաջին մասին վերջաւորութեան եւ ընդմիջումին ընթացքին, Մայքըլ Բաշան հաճելի կատակախօսութիւն մը ներկայացուց հայկական տարբեր գաղութներու լեզուական ոճերուն մասին։
Յայտագիրին երկրորդ մասը սկսաւ «Շալախօ» պարով եւ շարունակուեցաւ շարք մը այլ հայկական պարերով, ինչպէս նաեւ՝ ամերիկեան եւ հնդկական պարերով, հասնելով՝ «Ով Հայոց Աշխարհ» պարին, որով յայտագիրը իր աւարտին հասաւ։
Պէտք է ըսել, որ այս շատ յաջող ձեռնարկ մըն էր, որ ունէր հոգեկան տրամադրութիւնը շոյող յայտագիր մը։
Թող վառ մնայ հայ պարը եւ երաժշտութիւնը ու նման դիւթիչ կատարումներ չպակսին մեր ապագայէն։
(Թղթակցութիւնը՝ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութենէն)