ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԵՐԿԱՐ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՎԱՍՏԱԿ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երեք օրերու վրայ տարածուած Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուող միջազգային համագումարը հասաւ իր աւարտին Կիրակի, 2 Փետրուարին:
Յիշեցնենք, որ Արամ Ա. վեհափառին նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցած համագումարին նպատակն էր միջեկեղեցական շարժումին համար նոր տեսլական մը զարգացնել‘ համահունչ ներկայ ժամանակներու եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Երեք օրեր շարունակ յիշեալ թեմային շուրջ երկար տարիներու միջեկեղեցական ծառայութիւն ունեցող 30 անձեր քննարկեցին համագումարին թեման, Արամ Ա.ի տուած դասախօսութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու ու շրջանային խորհուրդներու մօտեցումները պարզող՝ տրուած զեկոյցներու լոյսին տակ: Ապա, միջեկեղեցական շարժումին ապագային նկատմամբ իր տեսակէտները ներկայացուց Եկեղեցւոյ համաշխարհային խորհուրդի նախկին ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Ք. Ռայզըր:
Համագումարին յայտարարութիւնը պատրաստող յանձնախումբը ներկայացուց ընդհանուր ուրուագիծ մը, որ երկար քննարկումէ ետք որդեգրուեցաւ: Նկատի ունենալով կատարուելիք յայտարարութեան յոյժ կարեւոր բնոյթը՝ որոշուեցաւ զայն պատրաստել ու հրապարակել յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին: Համագումարը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հայարապետին միջեկեղեցական պատմութեան այս վճռական հանգրուանին իր կողմէ առնուած այս կարեւոր քայլին համար եւ առաջարկեց, որ յառաջիկային եւս նման նախաձեռնութիւններու դիմէ հայրապետը, նկատի ունենալով իր հարուստ փորձառութինը եւ միջեկեղեցական շարժումին կենսական կարեւորութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ:
Իսկ Շաբաթ, 1 Փետրուարին, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ եղան ժողովականներ, միաբանութիւն եւ Լիբանանի հայ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Խօսք առնելով՝ վեհափառը ողջունեց ներկաները եւ շեշտեց միջեկեղեցական շարժումին կարեւորութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած նպաստը: Ապա, կաթողիկոսը անդրադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած համագումարին կարեւորութեան, որուն նպատակն է նոր տեսլական մը զարգացնել միջեկեղեցական շարժումին:
Այս առիթով, հայրապետը յիշեց չորս անձեր, որոնք երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցած են միջեկեղեցական շարժումին մէջ. անոնք են՝ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, որ վեհափառ հայրապետին կողմէ պարգեւատրուած է 2000ին եւ դոկտ. Քոնրատ Ռէյզըր, որ դարձեալ հայրապետին կողմէ պարգեւատրուած է 2003ին:
Յայտնենք, որ կաթողիկոսը պարգեւատրեց երկու անձեր‘ Սորիթուա Նապապան եւ դոկտ. Սամուէլ Քոպիան: Վերոնշեալ անձերը առաւել քան 50 տարիներու ծառայական վաստակ ունին միջեկեղեցական շարժումին մէջ: Դոկտ. Քոպիան այժմ նախարար է Քենիայի մէջ, իսկ Նապապան‘ միջեկեղեցական կարեւոր պաշտօն կը վարէ Ինտոնեզիոյ մէջ: