Համազգայինի Լիբանանի մէջ «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս տեսաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» ար-խիւային փաստաթուղթերու բազմահատոր ժողովածուի ԺԳ. հատորը:
Այս հատորը կը ներկայացնէ 1916-1918 թուականներուն, Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին հայ ժողովուրդի վիճակը եւ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան վերաբերող փաստաթուղթեր, Կովկասի, Եգիպտոսի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ:
ՀՅԴ հիմնադիրներէն Ռոստոմ կը հանդիսանայ մղիչ ուժը եւ առաջին գործիչը, որ զբաղի կուսակցութեան արխիւները եւ փաստաթուղթերը հաւաքելու ու պահպանելու գործով: Ռոստոմի շնորհիւ էր, որ Եղեռնի նախօրէին՝ 1914ի վերջերուն, սնտուկներու մէջ դասաւորուեցան եւ Կ. Պոլիսէն Սոֆիա տեղափոխուելով՝ վերջապէս Ժընեւի մէջ հանգրուանեցան «Ազատամարտ»ի խմբագրութեան շէնքին մէջ պահուող Արեւմտեան Բիւրոյի եւ Հայաստանի Բիւրոյի Կ. Պոլսոյ հատուածի կարեւոր վաւերագրութիւնները՝ նախքան անոնց մնացած մասին բռնագրաւումը 11 Ապրիլ 1915ի գիշերը:
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրերուն, կուսակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովին՝ 1919ին կազմուեցաւ երեք հոգիէ բաղկացած (Վարանդեան, Վրացեան, Ռուբէն) յատուկ մարմին մը, որ պէտք է զբաղէր ՀՅԴ արխիւները կարգի բերելու եւ հրատարակելու գործով: Սակայն այդ գործը զանազան պատճառներով կանգ առաւ:
Միայն 1920ականներէն ետք, «Հայրենիք» ամսագիրը սկսաւ պարբերաբար հրատարակել դաշնակցական գործիչներու յուշագրութիւները, որոնք գրի կ՛առնուէին Նիկոլ Աղբալեանի կողմէ, իսկ 1933ին Աղբալեանի միացաւ Սիմոն Վրացեանի խմբագրած «Վէմ»ը:
1930ական թուականներուն Սիմոն Վրացեան մասամբ կատարեց 9րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումը՝ հրատարակելով «Դիւան ՀՅ Դաշնակցութեան» փաստաթուղթերու ժողովածուի 2 հատորները: Նոյն տարիներուն այդ գործը շարունակեց Աբրահամ Գիւլխանդանեան: Ան առաջինն էր, որ կանոնաւոր ձեւով դասաւորեց եւ համարակալեց ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւներու թղթածրարները: Այդ ժամանակ էր, որ արխիւը Ժընեւէն տեղափոխուեցաւ Փարիզ, ուր մնաց Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին, որմէ ետք տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ՝ սկիզբը «Հայրենիք»ի խմբագրութեան առաջին շէնքին մէջ, ապա Պոսթընի արուարձան Ուոթըրթաունի շէնքի ստորգետնեայ պահեստարանին մէջ:
1980ականներուն սկսաւ հրատարակուիլ ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւները ներառող «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» ժողովածոյի առաջին հատորներու շարքը: Սիմոն Վրացեանի սկսած գործը շարունակեց եւ առաջին չորս հատորները հրատարակեց ու հինգերորդ հատորին մէկ մասը տպագրութեան նախապատրաստեց Հրաչ Տասնապետեան, որուն մահէն ետք այդ մեծ գործը իր ուսերուն վրայ առաւ եւ բարեխղճօրէն կատարեց Երուանդ Փամպուքեան: