ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կիրակի, 26 Յունուարին այցելեց Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապները եւ զանոնք կարելի եղածին չափ արագ լուծելու կարեւորութիւնը:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ հակառակ որոշ դիտողութիւններու, պէտք է առիթ տալ նորակազմ կառավարութեան՝ երկրին դիմագրաւած ելեւմտական տագնապին, տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակին լուծումներ գտնելու:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ պետութենէն իւրացուած գումարները վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը, նաեւ ազգային միաձուլման մէջ լիբանանցի երիտասարդութեան դերակատարութեան ուժեղացումը: