ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տիգրանակերտի Սուր շրջանի հայկական բողոքական եկեղեցին, որ մեծ վնասներ կրած էր 2015ին տեղի ունեցած թրքական բանակին եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ բախումներուն ընթացքին, վերանորոգուած է Հիմնարկութիւններու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ։
Բողոքական այս եկեղեցին կառուցուած է 18րդ դարուն եւ իր շրջափակին մէջ ունի հիւրատուն, ժամատուն եւ քահանայի տուն։