ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ 2018ին հրապարակուած «Երեւան-2800» արծաթէ յուշադրամը Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող «Դրամներու համաստեղութիւնը-2019» 13րդ միջազգային մրցումին գրաւեց երրորդ դիրքը՝ «Տարուան յուշադրամը» անուանակարգին մէջ:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան հասարակութեան հետ կապերու ծառայութիւնը հաղորդեց այս լուրը:
«Դրամներու համաստեղութիւնը-2019» մրցումին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած են 33 կազմակերպութիւններ՝ 22 երկիրներէ, ներկայացնելով 2018ին հրապարակուած առաւել քան 220 յուշադրամներ:
Նշենք, թէ ուշադրամները գնահատուեցան միջազգային դատական կազմին քուէարկութեամբ: