ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Միջազգային եւ հեղինակաւոր ընկերութիւններու կատարած հետազօտութիւններուն համաձայն՝ 2019ին Հայաստան բարելաւուած է իր դիրքերը՝ իբրեւ ժողովրդավար երկիր եւ փտածութեան առումով աւելի լաւ ցուցանիշ արձանագրած է։
Բրիտանական «Էքոնոմիսթ Ինթելիճընս Եունիթ» հեղինակաւոր հետազօտական եւ խորհրդատուական ընկերութիւնը հրապարակած է իր «Ժողովրդավարութեան համաթիւ 2019» զեկոյցը, ըստ որուն, Հայաստան թէեւ դարձեալ նկատուած է «հիպրիտային ռեժիմ»ի (խառնածին վարչակարգ-Խմբ.) շարքին, սակայն 17 կէտերով բարելաւած է իր դիրքերը։ 2018ին, 103րդ դիրքին վրայ գտնուող Հայաստան բարձրացած է 86րդ դիրքը։
Տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ 2019ին ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ նշանակալի քայլեր կատարած են երկու երկիրներ՝ Հայաստան եւ Ուքրանիա։ «Երկու երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները կը գնահատուին՝ իբրեւ ազատ եւ արդար։ Հայաստանի մէջ, ԵԱՀԿի գնահատումով, 2018ի արտակարգ ընտրութիւններուն ընթացքին «յարգուած են հիմնարար ազատութիւնները, հաստատուած է հանրային լայն վստահութիւն», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ։
Ինչպէս վերջին երկու տարիներուն շարք մը միջազգային զեկոյցներու մէջ, այս մէկուն մէջ եւս յղում կը կատարուի թաւշեայ յեղափոխութեան։ «Հայաստանի ժողովրդավարութեան մակարդակը 2017ին 4.11 կէտէն 2018ին հասած է 4.79ի՝ կառավարութեան հաշուետուողականութեան եւ թափանցիկութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական համակարգին հանդէպ հանրային վստահութեան աճին զուգընթաց։ 2019ին այդ ցուցանիշը հասած է 5.54ի, որովհետեւ այս բարելաւումը ամրապնդուեցաւ եւ քաղաքական խաղաղ գործունէութիւնը կարելի դարձաւ առանց կառավարութեան միջամտութեան», կը գրէ տեղեկագիրը։
Նշենք, որ «Ժողովրդավարութեան համաթիւ 2019»ին մէջ Վրաստան 5.42 միաւորով 89րդ է, Ատրպէյճան՝ 2.75 միաւորով 146րդ, Թուրքիա 4.09 միաւորով՝ 110րդ, իսկ Իրան 2.38 կէտերով՝ 151րդ հորիզոնականին վրայ։
Ըստ «Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» փտածութեան դէմ պայքարող կեդրոնին տուեալներուն՝ Հայաստանի փտածութեան ընկալման առումով, 2019ին 42 կէտ ունի (նախորդ տարուան համեմատ աճը 7 միաւոր է)։ 180 երկիրներ ներառող դասակարգման ցանկին վրայ, Հայաստան՝ Պահրէյնի եւ Սողոմոնեան կղզիներուն հետ կիսած է 77-79րդ դիրքերը:
2018ին, 35 կէտով Հայաստան 180 երկիրներու շարքին կիսած է 105-113րդ դիրքերը: Հայաստանի ցուցանիշին բարելաւման վրայ, ըստ «Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ»ի ծրագիրներու ղեկավար Վարուժան Հոկտանեանի՝ ազդած են յեղափոխութենէն ետք տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւնները՝ միջազգային դիտորդներու գնահատումով ազատ ընտրութիւնները, մենաշնորհի դէմ պայքարը եւ այլ գործօններ։
Փտածութեան ընկալման համաթիւը կը կիրարկէ 0էն՝ «բացարձակապէս փտած», մինչեւ 100՝ «բացարձակապէս մաքուր» աստիճանաւորումը:
Նախկին խորհրդային հանրապետութիւններէն Հայաստան իր դիրքերը կը զիջի Վրաստանին եւ Պելոռուսին, որոնց համաթիւերու արժէքներն են համապատասխանաբար 56 եւ 45։
Թուրքիա 39 կէտերով 92րդ է, Ատրպէյճան 30 միաւորով՝ 126-129րդ եւ Իրան 26 կէտերով 146-152րդ։